2013-12-10 09:53:08

Միջազգային Քարիդասի ''Անօթութեան դէմ պայքար'' կարգախօսով արշաւի առթիւ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը։


''ձայն տանք անօթութենէ տառապող անձերու լռելեայն ձայնին, ու զայն դարձնենք աշխարհը ցնցող շառաչիւն''։

Երեքշաբթի 10 դեկտեմբերին` Մարդու Իրաւունքնեու համաշխարհային օրուան առթիւ, Միջազգային Քարիդասը ձեռնարկած է ''աշխարհի անօթութեան դէմ'' արշաւ մը, որուն բնաբանն է ''մէկ մարդկային ընտանիք, սնունդ բոլորին համար''։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղած է որուն մէջ յայտնած է իր նեցուկը վերոյիշեալ արշաւին։
Սրբազան Հայրը, Միջազգային Քարիդասը իր 164 անդամ կազմակերպութիւններով որ կը գործէ 200 երկիրներու մէջ, որակեց ''Եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրտ''։
Կը գտնուինք համաշխարհային գայթակղութեան մը դիմաց - ըսաւ Քահանայապետը - ու մէկ միլիառ անհատ տակաւին անօթութենէ կը տառապին։ Չենք կրնար մեր նայուածքը ուղղել այլուր եւ այնպէս մը ընել թէ այս իրողութիւնը գոյութիւն չունի։ Տրամադրուած կերակուրը բաւարար է բոլորը կշտացնելու - հաստատեց Քահանայապետը - ու ապա հրաւիրեց` սոյն հրատապ հարցին տեղ բանալ սրտերուն մէջ, յարգելով Աստուծմէ շնորհուած իրաւունքը, որպէսզի բոլորը կարելիութիւն ունենան ատակ սննդառութիւն ունենալու։
Մեր ունեցածը բաժնեկցինք Քրիստոնէական սիրով անոնց հետ որ պարտադրուած են յաղթահարել խոչընդոտները յագեցնելու համար իրենց կենսական պահանջները - ըսաւ արդ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց աշխարհի բոլոր իշխանութիւնները, համայն Եկեղեցին ու ամէն անհատ, որպէսզի ''մարդկային մէկ ընտանիքի նման, ձայն տանք անօթութենէ տառապող անձերու լռելեայն ձայնին, եւ այդ ձայնը դառնայ շառաչիւն` կարող ցնցելու աշխարհը''։
''Այս արշաւը հրաւէր մըն է մեզի բոլորիս - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը - սննդառական աւելի գիտակից ընտրութիւններ կատարելու'' ու ընդգծեց թէ ''ամէն մէկու առօրեայ ընտրանքը ազդեցութիւն ունի համայն մարդկութեան կեանքին վրայ''։ Ան ապա դարձեալ կոչ ըրաւ աջակցելու Քարիդասի արշաւին եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած որպէսզի ''պարգեւէ շնորհքը` աշխարհի մը ուր ոչ մէկը անօթութեան պատճառաւ մահանայ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.